2016-07-29 10:23:00

Քոյր Արուսեակ Սաճոնեան` Հայաստանի Մայր Թերեզան


4 Սեպտեմբեր 2016-ին Ֆրանչիսկոս պապը Վատիկանի Ս. Պետրոս հրապարակին վրայ պիտի նախագահէ Մայր Թերեզա Կալկաթացիի սրբադասման արարողութեան, կը հաղորդէ “Ազդակ”-ը:

Նշենք, որ Մայր Թերեզա Կալկաթացին մեծ ազդեցութիւն ունեցած է հայ կաթողիկէ մայրապետ քոյր Արուսեակ Սաճոնեանի վրայ, որ իր կարգին ճանչցուած է իբրեւ Հայաստանի Մայր Թերեզան:

1945-ին Հալէպի մէջ ծնած եւ ապա Սուրիոյ եւ Պէյրութի մէջ ապրած քոյր Արուսեակ Սաճոնեան, 20 տարեկանին անդամակցած էր Անարատ յղութեան հայ քոյրերու միաբանութեան, որպէսզի ան հոգեւոր առաքելութեամբ գործուղուէր Հայաստան: Սակայն անոր պատասխանատուները զինք կը գործուղեն Միացեալ Նահանգներու Ֆիլատելֆիա նահանգը, ուր կը յաջողի հիմնել հայկական դպրոց մը եւ անոր տնօրինութիւնը ստանձնել 25 տարիներ շարունակ:

Սակայն Հայաստանի 1988-ի երկրաշարժը եւ անոր հետեւանքները զինք կը մղեն լքելու ամէն պաշտօն ու փութալու Հայաստան, ուր ան կը կատարէ բարեսիրական, կրթական եւ ընկերային բազմաթիւ աշխատանքներ, հոգատարութիւն կը ցուցաբերէ որբերուն եւ տարեցներուն նկատմամբ` հիմնելով Գիւմրիի «Պօղոսեան» համալիրը, «Տիրամայր Հայաստանի» երգչախումբը եւ Քանաքեռի մէջ «Անի Պէզիքեան» երիտասարդական կեդրոնը:

Քոյր Արուսեակ Սաճոնեանի անունը  անջնջելիօրէն կապուած է Հայաստանի երկրաշարժէն աղէտահար հայրենի քաղաք Գիւմրիին եւ Շիրակի մարզին հետ։








All the contents on this site are copyrighted ©.